2014-12-28 10:17:09

Կարդինալ Սքոլայի ուխտագնացութիւնը ս. Երկիր` Երանելի Պօղոս Զ. Քահանայապետին հետքերուն վրայ։


(Ռ.Վ. 28 դեկտեմբեր 2014) Շաբաթ 27 Դեկտեմբեր 2014-ին, սկիզբ առաւ Միլանօ թեմի ուխտագնացութիւնը դէպի ս. Երկիր, գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ` կարդինալ Սքոլայի որ երեկոյեան, Բեթղեհէմի Սալեզեաններու կեդրոնին մէջ, գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։ Այս առթիւ Կարդինալը Ս. Երկրի Պահակ` հայր Փիէրպաթթիսթա Բիցապալլային յանձնեց երանելի Պօղոս Զ-ի մէկ մասունքը։ Նշենք թէ Երանելի Պօղոս Զ երջանկայիշատակ Քահանայապետը նախ քան Քահանայապետ ընտրուիլը եղած էր Միլանօ թեմի առաջնորդ։
Կիրակի, 28 Դեկտեմբեր 2014-ին, Կարդինալը փոխադրուեցաւ Երուսաղէմ, ուր ժամը 11-ին, Գեթսէմանիի Պազիլիքային մէջ պատարագ մատույց մինչ երեկոյեան ժամը 6-ին, իր թեմի ուխտաւորներուն հետ, հանդիպում կ’ունենայ Երուսաղէմի լատիններու պատրիարք` գերերջանիկ Ֆուատ Թուալին հետ, որուն կը նուիրէ երանելի Պօղոս Զ.ի այլ մասունք մը։
Երկուշաբթի` 29 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 6.30-ին Միլանոյի առաջնորդը պատարագ կը մատուցէ ս. Թաղման տաճարին մէջ ու ապա վերադարձ կը կատարէ Միլանօ մինչ թեմին ուխտաւորները իրենց ուխտագնացութիւնը կը շարունակեն մինչեւ 3 յունուար 2015։
Յայտնենք որ Միլանօ թեմը այս ուխտագնացութիւնը կազմակերպած է վերակոչելու երանելի Պօղոս Զ-ի Սուրբ Երկիր կատարած առաքելական ճամբորդութեան 50-րդ տարեդարձը։ Ուխտագնացութեան կը մասնակցին 350 հաւատացեալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.